Ֆրանսիս Պապին եւ Ալ Ազհարի միացեալ նախաձեռնութեամբ, 14 Մայիսը հռչակուեցաւ Համաշխարհային Աղօթքի Օր: Յիշեալ նախաձեռնութեան միացաւ նաեւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը, միջազգային այլ կազմակերպութիւններ եւ կրօններ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական հրաւէր ստացաւ, Կազմակերպիչ կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ մասնակից դառնալու համաշխարհային աղօթքին: Վեհափառ Հայրապետը իր կողմէ խմբագրուած արաբերէն ու անգլերէն աղօթքները ղրկեց յանձնախումբին: Ապա, Հիգնշաբթի, 14 Մայիսի եկերկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարի մուտքին, Միաբան Հայրերը Նորին Սրբութեան Նախագահութեամբ հաւաքական աղօթք մը կատարեցին: Արարողութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ բժշկութեան աղօթքը կարդացուեցաւ, ինչպէս նաեւ Վեհափառ հայրապետին կողմէ գրուած աղօթքը՝ անգլերէն ու արաբերէն լեզուներով: Երգուեցաւ «Տէր Ողորմեա», «Փառք Քեզ Տէր Աստուած»ը եւ «Հայր մեր»ի երգեցողութեամբ փակումը կատարուեցաւ արարողութեան: