Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպա Տորոթի Շին՝ ընկերակցութեամբ դեսպանատան զանազան բաժանմունքներու երկու պատասխանատուներուն:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր. այսպէս՝ համաճարակի ստեղծած կացութեան հետեւանքները ու զանոնք դիմագրաւելու աշխատանքները, տնտեսական տագնապը եւ կառավարութեան բարեկարգութեան ծրագիրը: Դեսպանը յայտնեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան նախաձեռնած ծրագիրներուն:
Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, շեշտեց ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջելու եւ երկիրը տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ դեսպանը իր դիւանագիտական առաքելութեան նոր սկսած է Լիբանանի մէջ, Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց անոր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մասին։
Այս առիթով, որպէս յուշանուէր Հայրապետը դեսպանին յանձնեց հայ եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը պարզող յուշամատեանը, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ մասին իր հեղինակած գիրքը։