ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID) եւ «Ալ Հայաթ» Քաղաքացիական Հասարակութեան Զարգացման կազմակերպութեան, 20-22 Դեկտեմբեր 2019-ին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ընթացք առաւ «Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Համար Արաբական Երիտասարդական Ֆորում»ը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հրակ Տէտէեանը։

 

Եռօրեայ այս համագումարին մասնակցած էին արաբական աշխարհի մէջ գործող զանազան մշակութային եւ կրօնական կազմակերպութիւններէ 90 երիտասարդ ներկայացուցիչներ, որոնք տարբեր նիստերու ընդմէջէն արծարծեցին երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ երկխօսութեան եւ համագոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը Արաբական երկիրներուն մէջ։

 

Համաժողովի աւարտին, մասնակիցները կազմեցին երկխօսութեան յանձնախումբ մը, որ պիտի աշխատի տարբեր շրջանակներէ երիտասարդներ համախմբել՝ ամրապնդելու համար հանդուրժողականութիւնը տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու հանդէպ։