Ինչպէս մեր բոլոր գաղութներէն ներս, նոյնպէս նաեւ Լիբանանի հայ համայնքէն ներս ստեղծուած ընկերատնտեսական դժուարութիւնները կը շարունակուին՝ հարուածելով մեր կառոյցները եւ յատկապէս ընտանիքները։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չէր կրնար անտարբեր մնալ այս կացութեան դիմաց։
Անցնող ամիսներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւողական կերպով թելադրեց թեմերուն՝ իրենց կարելին կատարելու մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու գծով: Միաժամանակ Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս Կաթողիկոսարանը օգտակար հանդիսացաւ կառոյցներուն, շտապ մարմինին, ինչպէս նաեւ ընկերային օգնութեան կարօտ ընտանիքներուն։ Այս ծիրէն ներս, վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին, Կաթողիկոսարանը նոյն մօտեցումով օժանդակեց սննդեղէն հայթայթելով կամ համարժէք գումարներ տրամադրելով Ֆանարի եւ Ժունիէն մինչեւ Թրիփոլի երկարող շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող ընկերային ծառայութիւնը ներկայացնող նկարներ պէտք չէ հրապարակուին, բարձր պահելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներուն արժանապատուութիւնը։
Այս առիթով յայտնենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ծառայելու հեռանկարով՝ օժանդակութեան նոր ծրագիրներ կը մշակուին Կաթողիկոսարանին կողմէ։