ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Երէկ եւ այսօր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կապ մը հաստատեցին իրարու հետ «քորոնա» ժահրին ստեղծած ներկայ կացութեան առնչուած:

 

Վարչապետ Փաշինեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս ներկայ պայմաններուն մէջ Կաթողիկոսութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն գծով: Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ համաշխարհային համաճարակի հետեւանքներուն ուղղութեամբ՝ աղօթելով, որ Աստուած մեր հայրենիքն ու ազգը հեռու պահէ ամէն տեսակ փորձանքէ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց Վարչապետին տարած հետեւողական աշխատանքը: