«ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ» ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ Կ՚ԸՆԹԵՐՑՈՒԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆՍ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հաստատած աւանդութիւններուն մաս կը կազմէ իւրաքանչիւր տարի հայ ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէքի կամ իրադարձութեան մը անդրադառնալն ու տուեալ տարին այդ թեմային նուիրելը։ Այդ իմաստով, Վեհափառ Հայրապետը 2020 տարին հռչակեց «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի», իսկ Հայրապետին պատգամը Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ ընթերցեց Գերշ. Տ.…