Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-

ա) Լիբանանի Հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ, Տէր եւ Տիկին Ալէքքօ եւ Անի Պեզիքեանի կողմէ հաստատուած Լիբանանի կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան հիմնադրամի յանձնախումբ:

բ) Տիար Գառնիկ Մկրտիչեան, Լիբանանի թեմի Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ:

գ) Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական եւ Լիբանանի վարչութեանց ներկայացուցիչներ:

դ) «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Վարչութիւն:

ե) Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան (Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական համայնքներու նախագահ) եւ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան (Հայկազեան համալսարանի նախագահ):

Յիշեալ հանդիպումներուն այցելուները շնորհաւորեցին Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակը, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւն ունեցան Լիբանանի թեմին, համայնքին եւ ընդհանուր կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցերու մասին:

Յայտնենք նաեւ, որ Նորին Սրբութեան գահակալութեան 25-ամեակին առիթով Կաթողիկոսարանը շնորհաւորական գիրեր ստացաւ թեմերէն, միութիւններէն եւ օտար կրօնական ու ակադեմական շրջանակներէն: