Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հարապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան: Վեհափառ Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Վարչապետին ու իր ընտանիքին եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս Հայաստանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս համաճարակին յառաջացուցած դժուարութիւններուն գծով:

 

Վարչապետ Փաշինեան անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ Նորին Սրբութեան «քորոնավիրուս»ի տարածման ու առաջքը առնելու աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց Հայաստանի ներքին տնտեսական կացութեան շուրջ: Միաժամանակ ան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու մասնաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններու նկատմամբ: Այս ուղղութեամբ Հայրապետը, իր կարգին, ընդհանուր գծերով պարզեց թեմերուն ու յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը։