Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ ՎԱՀԱԳՆ ԱԹԱԲԷԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, 23 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը:   Դեսպանը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանի նամակները:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստանի ու Լիբանանի այժմու կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող խնդիրներու:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ «ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) «Ուխտագնացութիւն Դէպի Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն» յանձնաժողովին եւ հիւրընկալութեամբ «Խաղաղականի Եկեղեցիներու Խորհուրդ»-ին, 13-23 Յունուարին Խաղաղական ովկիանոսի Ֆիճի կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ յանձնաժողովին վեցերորդ համախմբումը՝ մասնակցութեամբ Ե.Հ.Խ.ի անդամ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտ հիւրերու։ Յիշեալ յանձնաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչն է Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։   Յանձնաժողովը…