Կիրակի, 2 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մոսկուայէն միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Ռուբէն Վարդանեանը:
Տիար Վարդանեան Հայաստանի ու Արցախի մէջ նախաձեռնած է զանազան ծրագիրներ, որոնցմէ հանրածանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպաստ բերող «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը (Aurora Humanitarian Initiative):
Տիար Վարդանեան Կիրակի օր ներկայ գտնուեցաւ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ Պատարագին, որմէ ետք եղաւ Նորին Սրբութեան ճաշի հիւրը: