Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ

Հայրապետական Մաղթանք

 

Այսօր 25-ամեակն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ընտրութեան ու օծման: Այս առիթով յատուկ ծրագիրներ մշակուած էին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս՝ նշելու ու արժեւորելու Նորին Սրբութեան 25 տարիներու ծառայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով՝ հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցւոյ ու Հայաստանին: Նոյնպէս հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենային թեմերէն ներս: Սակայն, նկատի ունենալով համաճարակի ստեղծած կացութիւնը բոլոր ձեռնարկները յետաձգուեցան:

 

Հայրապետական Մաղթանք Մայր Տաճարին մէջ

 

Հետեւելով մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան, այսօր Անթիլիասին Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ յընթացս Սուրբ եւ անմահ պատարագին:

 

Մաղթանքէն յետոյ քարոզեց օրուան պատարագիչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան: Սրբազանը իր խօսքին իբրեւ բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանի 21-րդ գլուխը, ուր Քրիստոս, յետ յարութեան, առաքեալներուն հետ իր վերջին հանդիպումին ընթացքին Պետրոս առաքեալին երեք անգամ կը հարցնէ եթէ զինք կը սիրէ։ Սրբազանը նշեց, որ «Մարդկային պարզ տրամաբանութեամբ արտայայտուած եւ աշխարհի մէջ գործածուած ամէնէն դիւրին արտայայտութիւնն է «կը սիրեմ»-ը, բայց միաժամանակ իր մէջ գաղափարներու շտեմարան մը ունի, որովհետեւ սիրելու համար պէտք է լսել, վստահիլ, ներել եւ զոհուիլ»։ Քրիստոսի Եկեղեցիին պատկանող իւրաքանչիւր անհատ կը սիրէ իր Տէրը, իսկ Պետրոս առաքեալին վիճակուած ըլլալով փրկութեան լոյսին փառաբանութիւնը, Տէրը զինք հարցուցած էր «կը սիրե՞ս զիս» հարցումը եւ անոր համար ալ, երբ Պետրոս պատասխանած էր, որ «Տէ՛ր, դուն ամէն ինչ գիտես եւ գիտես, թէ կը սիրեմ քեզ», այն ատեն Քրիստոս հրահանգած էր զինք արածել Իր ոչխարները, իսկ Պետրոս, բոլոր ժամանակներու բոլոր մեծութիւններու նման, Տիրոջմէ ուղղութիւն խնդրած էր՝ ըսելով. «Տէ՜ր, ցո՛յց ինձ ճանապարհ յոր եւ գնացից»։

 

Մեղրիկ Սրբազան յայտնեց, որ Պետրոս առաքեալին ճամբով գալած են Քրիստոնէական ընդհանրական եկեղեցւոյ բոլոր սուրբ հայրերը, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներն ու ծառաները՝ սկսեալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն։ Երբեմն այդ ճամբան առաջնորդած է դէպի գողգոթա, երբեմն ալ՝ յարութեան լեռ. երբեմն եղած է ցաւալից ճամբայ, երբեմն ալ՝ երջանկալից, սակայն միշտ ալ միասին գալած են այդ ճանապարհին ուխտաւոր հայրերը, որոնց կարգին է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ըսաւ Սրբազանը, եւ ընդգծեց, որ 25 տարի առաջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը «Նոր Առաքելութեան Սեմին» եղաւ, երբ Անթիլիասի նուիրականացած սուրբ հողին վրայ երկինքէն անգամ մը եւս լսուեցաւ Տիրոջ ձայնը՝ այս անգամ ուղղուած «Արամ, ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի»։

 

Ներկայացնելով Հայրապետին կենսագրականը, Սրբազանը ըսաւ, որ 1965-ին՝ Պետրոս Սարկաւագ, 1968-ին՝ Արամ Աբեղայ, 1980-ին՝ Արամ Եպիսկոպոս, եւ 1995-ին՝ իբրեւ Եպիսկոպոսապետ, Պետրոս Առաքեալի աղաչական աղօթքը բարձրացնելով Աստուծոյ՝ ուխտեց Քրիստոնէական հաւատքը կեանքի վերածել եւ Իր կեանքը ծառայութեամբ արժեւորել. «Արդարեւ, Արամ Վեհափառին համար այս սկզբունքը դարձաւ մնայուն ճիգ եւ կեանքի իտէալ», իսկ վերջին 25 տարիները հպարտութիւն կ՚առթէ իւրաքանչիւրիս շնորհիւ Հայրապետին քալած ճամբէն, որ ժողովուրդը առաջնորդեց դէպի Աստուածակեդրոն կեանք՝ ի խնդիր հոգեւոր արժէքներու կենսագործման, հայակերտման, հայրենակերտման, մարդակերտման, ըսաւ Հայրապետը։

 

Սրբազանը նշեց, որ կարելի չէ չնշել Վեհափառ Հայրապետին անձը՝ վերջին 25 տարուան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին խօսելով, որովհետեւ Հայրապետին շնորհիւ իրականացաւ բազմաթիւ ծրագիրներ, ինչպէս՝ Քրիստոնէական դաստիարակութեան, կրօնագիտութեան ուսմանց, արեւմտահայերէնի, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց, երիտասարդականի, տեղեկատուականի, մատենադարանի, թանգարանի, Դպրեվանքի եւ այլ ծրագիրներ։ Ան ըսաւ, որ «Մշտապէս շեշտեցիք, որ Ձեր անձին մասին չխօսուի, այլ՝ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ ծառայութեան ընդմէջէն կատարուած աշխատանքը, այլ խօսքով Կաթողիկոսութեան ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը շեշտուի։ Բայց բոլորս ալ գիտենք, որ երբ 25 տարիներ առաջ, Աստուած «Մարդ մը փնտռեց» (Եզ 22.30)  եւ աստուածային ու երկնաւոր շնորհներով առատացուց. այդ մարդը Դուք էիք, եւ եթէ մենք չտեսնենք այդ մարդը, գլխագի՛ր ՄԱՐԴ-ը, կը նշանակէ, որ կոյր ենք ե՛ւ մտքով ե՛ւ աչքով»։

 

Պատարագիչը իր քարոզը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ բարձրեալ Աստուած, որ երկար ու իտէալական երազներու կեանք շնորհէ Հայրապետին ու անսասան պահէ գահն ու գահակալը։

 

Ուղերձ Յանուն Միաբանութեան

 

Սուրբ եւ անմահ պատարագէն յետոյ, Վեհարանի դահլիճին մէջ, միաբան հայրերուն եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ներկայութեան, խօսք առաւ Քուէյթի թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան: Յանուն միաբանութեան շնորհաւորելէ յետոյ Վեհափառ Հայրապետին 25 տարիներու անմնացորդ ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, ըսաւ, որ 25 տարի առաջ այս օր Վեհափառ Հայրապետը կը ստանձնէ 301 թուականին Ս. Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն ձեռամբ վարած ջահը, որ ներկայիս կը գտնուի Անթիլիասի Մայրավանք։ Հայր Սուրբը նշեց, որ յառաջիկայ տարի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր եւ պատմական Ս. Աթոռ կը բոլորէ իր աստանդական կեանքին 100-րդ տարին, որուն քառորդ դարը, եւ Անթիլիասական գահակալութեան ամէնէն երկարը, կը պատկանի Արամ Ա. Հայրապետի գահակալութեան։ Աւելին, Կաթողիկոսութեան վերջին 25-ամեակը իր մէջ կը պարունակէ յատկանշական թուականներ, ինչպէս՝ 1995-ը, երբ Հայրապետը դարձաւ Հայաստանին՝ Սփիւռքը ճանչնալուն կամուրջը, 2001-ը, երբ մեծ շուքով նշուեցաւ Քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակման 1700-ամեակը՝ մինչ Հայրապետը միջ-եկեղեցական շարժումի մեծ բեմեր կը նուաճէր, 2015-ը, երբ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, որ յատկանշական էր Թուրքիոյ դէմ բացուած Սիսի Կաթողիկոսարանի դատով, Ցեղասպանութեան որբերու թանգարանի բացումով, եւ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն Նորին Սրբութեան առ Աստուած բարձրացուցած աղօթքով, 2016-ը, Արցախի քառօրեայ պատերազմին, երբ Հայրապետին նախձեռնութեամբ երկու կաթողիկոսներ Արցախ այցելեցին, 2018-ը, երբ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակի հանդիսաւոր նշում տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին եւ բոլոր թեմերուն մէջ, 2020-ը, երբ Հայրապետը բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով հասաւ եւ կը շարունակէ հասնիլ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ համաճարակին պատճառած դժուարին օրերուն դիմաց։  

 

Հայր Պետրոս իր խօսքը եզրափակեց վեր առնելով Նորին Սրբութեան հայր ըլլալուն յատկանիշը, ու ըսաւ՝ «Վեհափառ Տէր, որպէս միաբան երբ կը նայինք ձեր 25 տարուան գահակալութեան տարիներուն այդտեղ մենք ամէնէն շատ Ձեր Հայրութիւնը կը տեսնենք։ Որպէս Հայր դուք գուրգուրացիք, փայփայեցիք ու խնամեցիք այս Սուրբ Աթոռը՝ աճեցնելով միաբանական շարքը, երիտասարդ ուժերը ձեզմով ներշնչուած եկան միանալու Կիլիկեան Ուխտին եւ շնորհիւ ձեր հայրութեան այսօր Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս  Աթոռներէն ամէնէն շատ երիտասարդ հոգեւորական ունեցող միաբանութիւնը մեր սուրբ Աթոռն է», ու աւելցուց, որ Հայրապետը եղաւ դարբնոց մը, ու միաբանութեան անունով ըսաւ՝ «Հպարտ ենք, որ Արամեան դպրոցի ուսանող ենք»։ Ան իր խօսքը աւարտեց աղօթելով առ Բարձրեալն Աստուած, որ Հայոց Հայրապետին պարգեւէ երկար կեանք, իմաստութիւն, կորով եւ առողջութիւն, որպէսզի շարունակէ իր օրինակով դաստիարակել եւ ուղղել մեր քայլերը, ի փառս մեր սուրբ եկեղեցւոյ, եւ ի մասնաւորի՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին: 

 

Այս առիթով Դպրեվանքի Արմաշ երգչախումբը յաջորդաբար երգեց հոգեւոր ու ազգային երգեր:

 

Յայտնենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ապահովութիւնը նկատի ունենալով՝ զանոնք չէինք հրաւիրած Վեհարանի մէջ տեղի ունեցող հանդիսութեան:

 

Հայր Սուրբին ուղերձէն յետոյ խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ իր պատգամին սկիզբը իր բարձր գնահատանքը եւ ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց պատարագիչ Սրբազանին եւ ուղերձը ընթերցող Հայր Սուրբին, որոնք միաբանութեան եւ հայ ժողովուրդին ազնիւ զգացումներուն եւ բարի մաղթանքներուն թարգմանը հանդիսացան։

 

Հայրապետը ըսաւ, որ 25 տարիներ առաջ, Աստուծոյ ոգեղէն ներկայութեան մէջ ուխտեց հաւատարիմ մնալ աստուածաշնչական արժէքներուն, եկեղեցւոյ հոգեւոր ուսուցումներուն ու դաւանանքներուն, եւ ուխտեց ծառայել Աստուծոյ, ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ։ Արդ, այն ինչ որ իրագործուած է վերջին քառորդ դարու ընթացքին թող արժեւորուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէն, որովհետեւ ճշմարիտ ծառայութիւնը միշտ ճառագայթող է, նշեց Հայրապետըեւ ընդգծեց, որ Վեհափառ Հայրապետին մասին խօսիլ կը նշանակէ քննական մօտեցումով արժեւորել իր ծառայութիւնը եւ ոչ՝ գահակալութիւնը, որովհետեւ հոգեւորականին կեանքի ճամբան, որակը, արժէքն ու նպատակը միայն ու միայն ծառայութիւն է, ինչ աստիճանի ալ վրայ գտնուի ան՝ աւելցնելով, որ «Աթոռակալ ու Աթոռ, Վեհափառ Հայրապետ թէ՛ Կաթողիկոսութիւն, մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն՝ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի առաքելութեան ու ծառայութեան նոյն ճամբուն վրայ»։

 

Յետադարձ հայեացք մը նետելով անցնող 25 տարիներուն վրայ, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով մեր եկեղեցւոյ ու ազգի համայնական կեանքէն ներս կատարուած ծառայութիւնը կարելի է 3 բառերու մէջ խտացնել՝ եկեղեցաշէն, ազգաշէն եւ հայրենաշէն։ «Մեր բոլոր նախաձեռնութիւնները, մեր բոլոր աշխատանքները եւ իրագործումները, հոգեւոր անդաստանէն սկսեալ մինչեւ կրթական, հայագիտական մարզէն սկսեալ մինչեւ միջ-եկեղեցական, շինարարական բնագաւառէն սկսեալ մեր կաթողիկոսութեան այլ մարզերը, մէկ նշանաբան ունեցան, մէկ ուղղութիւն ունեցան, մէկ մղիչ ուժ ունեցան՝ հայ եկեղեցի, հայ ժողովուրդ եւ հայրենիք։ Այս երեք սկզբունքները, երեք գերագոյն արժէքները, այս սրբազան երրորդութիւնը դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր գահակալին, իր միաբանութեան, իր ժողովական կառոյցներուն սրբազան նշանաբանը», ընդգծեց ան։ Հայրապետը ըսաւ, որ ծառայութիւնը բնաւ ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ չէ եղած՝ այլ միշտ դէպի ժողովուրդ եւ եկեղեցւոյ ամբողջականութեան է ուղղուած։

 

Ի դէպ, Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ մարդ բնականաբար սխալական է, իսկ սրբութիւնը Աստուածատուր կոչում մըն է. «Մենք մարդ ենք, մեր սուրբեր չենք։ Սխալներ կը գործենք։ Ոչ ես սուրբ եմ, ոչ աթոռակալը, գահակալը, սուրբ է, ոչ այս գահը սուրբ է, նոյնիսկ եկեղեցին սուրբ չէ։ Մենք մարդեր ենք։ Եկեղեցին աստուածամարդկային կառոյց է։ Սրբութիւնը նոյնիսկ եկեղեցւոյ սեփականութիւնը չէ։ Սրբութիւնը աստուածատուր կոչում է։ Եկեղեցին սուրբ է, եկեղեցին առաքելական է, եկեղեցին ընդհանրական է որպէս կոչում՝ այնքան մը, որ հաւատարիմ է իր Աստուածատուր կոչումին. հետեւաբար, հոգեւորականներ, Կաթողիկոսէն սկսեալ, սխալներ կրնան գործել։ Բնականաբար մենք ալ սխալներ գործեցինք պատմութեան ընթացքին, ինչպէս մեր եկեղեցին, աշխարհի բոլոր եկեղեցիները սխալներ գործած են, սակայն էականը մեր Աստուծատուր կոչումին, առաքելութեան, ծառայութեան հաւատարիմ ըլլալն է։ Թող Աստուած ներէ ինչ որ սխալ գործած ենք մեր ծառայութեան ճամբուն վրայ։ Թող ազգը ներէ, ուր որ թերացանք։ Սակայն մեր ծառայական կոչումը երբէք  նահանջ չարձանագրեց, այս Աթոռը, իր գահակալով, իր միաբանութեամբ, իր թեմական կառոյցներով փորձեց հաւատարմօրէն ծառայել աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին եւ մեր հայրենիքին»։

 

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը աւարտեց փառք տալով Աստուծոյ իրեն շնորհուած կեանքին ու իմաստութեան համար եւ Վերանորոգեց ուխտը նոյն գիտակցութեամբ եւ գիտակից յանձնառութեամբ շարունակելու իր ճամբան. «Թող Աստուած մեզի ուժ շնորհէ, որպէսզի մանաւանդ այս դժուար օրերուն մեր կամքը աւելի պրկենք, մեր հաւատքը աւելի զօրացնենք, որպէսզի որպէս եկեղեցի, որպէս հոգեւորական, յոյս տանք մեր ժողովուրդին, Աստուծոյ անունով լոյսի փարոսը դառնանք մեր ժողովուրդին»։

 

Միաբանական Ճաշ

 

Վեհարանի հանդիսութենէն յետոյ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ, Մայրավանքի սեղանատան մէջ, տեղի ունեցաւ միաբանական ճաշ՝ մասնակցութեամբ 22 միաբաններու: Ճաշի աւարտին միաբան հայրերուն ուղղած իր հայրական խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ անցնող 25 տարիներու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան առաքելութեան՝ զայն դիտելով ու արժեւորելով նկարագիր, հաւատարմութիւն եւ ծառայութիւն բառերով յատկանշուող հայեցակէտերով ու չափանիշերով:

 

Վեհափառ Հայրապետը յիշեց 1961-ին, երբ ինք Դպրեվանքի ժառանգաւորաց առաջին դասարանի աշակերտ էր, Երջանկայիշատակ Զարեհ Կաթողիկոսին Դպրեվանքի աշակերտութեան ուղղուած խօսքը, թէ «Դպրեվանքին մէջ ամէն բանէ առաջ ու վեր նկարագիր կը կերտուի», ու ապա Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց.- «Ա՛յս է մարդ կերտելու ու կազմաւորելու մեկնակէտը ու նպատակակէտը: Առանց նկարագրի մարդու ունեցած բոլոր արժանիքները փուճ են ու նոյնիսկ վնասաբեր՝ թէ՛ իրեն եւ թէ իր շրջապատին համար: Մարդը գլխագիր մարդ դարձնողը իր նկարագիրն է: Մենք Դպրեվանքէն սկսեալ մինչեւ Կաթողիկոսարան ու թեմեր հետամուտ ենք ու պիտի ըլլանք նկարագիր կերտելու մեր ճիգին ու յանձնառութեան: Անցնող 25 տարիներուն նախանձախնդիր եւ խստապահանջ եղանք ու պիտի ըլլանք այս գծով: Անթիլիասի միաբանները իրենց կեանքին, վարքագծին ու ծառայութեան մէջ պէտք է արտացոլացնեն այնպիսի՛ նկարագիր, ուր կը ճառագայթեն հոգեւոր ու ազգային արժէքներ»:

 

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով «հաւատարմութեան», ըսաւ.- «Ոեւէ կազմակերպութեան մաս կազմողներուն համար հաւատարմութիւնը հրամայական պահանջ է: Քրիստոսի աշակերտներէն Յուդան հաւատարիմ չգտնուեցաւ, դաւաճանեց իր Տիրոջ ու նետուեցաւ պատմութեան գիշերին մէջ. իսկ Պետրոս Առաքեալ աշակերտներու անունով Քրիստոսին կողմէ երեք անգամ ուղղած հարցումին պատասխանեց, այո՛, “Տէր կը սիրեմ քեզ” (Յհ 21.15-18) ըսելով: Մենք մեր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ՝ պիտի մնանք հաւատարիմ մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին, եւ այս գերագոյն արժէքներու ծառայութեան լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան»:

 

Վերջապէս Հայրապետը անդրադարձաւ «ծառայութեան».- «Յաճախ յիշեցուցած եմ, որ Անթիլիասը իր էութեամբ, գոյութեամբ ու նպատակով ծառայութիւն է: Ոեւէ կեդրոն՝ հոգեւոր, մշակութային, մարդասիրական կամ քաղաքական իր արժէքը կը ստանայ՝ ի խնդիր գերագոյն արժէքներու իր կատարած ծառայութեամբ: Եկեղեցին ծառայական առաքելութիւն է: Մեր Ս. Աթոռը գնահատանքի ու գովասանքի կարիքը չունի: Մեր ծառայութիւնը արեւու լոյսի նման կը ճառագայթէ: Մենք կոչուած ենք Անթիլիասը միշտ պահել ճառագայթող ներկայութիւն իր ժողովրդանուէր ծառայութեամբ միայն»: