Կազմակերպութեամբ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Միջ-քրիստոնէական յարաբերութեանց գրասենեակին, եւ հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, խոնարհաբար, երկու միաբանակից եղբայրներուս հետ՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտճեանին եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանին, մասանակցեցանք ճանաչողական եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան այցելութեան մը, ի Հռոմ, Վատիկան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ներկայացնող մեր պատուիրակութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն ներկայացնող երեք հոգեւորականներ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանը, Արժ. Տ. Վարհամ Քհն. Մելիքեանը եւ Արժ. Տ. Ադամ Քհն. Մակարեանը։ Սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած էր Արեւելեան Ուղղափառ՝ Հայ, Ղպտի, Ասորի, Մալանքարա եւ Եթովպիոյ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու համար (Էրիթրիոյ եկեղեցին կը բացակայէր հասկնալի պատճառներով), որպէսզի թէ՛ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականները իրար հետ յարաբերութիւններ զարգացնեն, եւ թէ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները նոր իմաստ ունենան։
Սոյն համախմբումը, որ աննախադէպ էր, ունէր երեք տեսակի այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ոլորտ.
Ա. Այցելել Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ մեծ դեր ունեցող եւ գործող գրասենեակներուն հետ։ Սոյն այցելութիւններուն հիմնական նպատակն էր ծանօթանալ անոնց պատասխանատուներուն եւ մօտէն ճանչնալ անոնց ծառայութեան գործելաոճին, ծրագիրներուն, աշխատանքներուն եւ իրագործումներուն։ Այս ծիրին մէջ էին. Միջ-քրիստոնէական բաժանմունքը (Pontifical Council for Promoting Christian Unity), Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակը (Congregation for Catholic Education), Արեւելեան Եկեղեցիներու հետ յարաբերութեանց գրասենեակը (Congregation for Oriental Churches), Հաւատքի Աստուածաբանութեան գրասենեակը (Congregation for the Doctrine of Faith), Միջ-կրօնական երկխօսութեանց բաժանմունքը (Pontifical Council of Interreligious Dialogue), ինչպէս նաեւ Վատիկանի նահանգապետ Գարտինալի գրասենեակը (Secretariat of State in Apostolic Palace)։
Բ. Այցելել Վատիկանի մէջ գտնուող ուսումնարանները, կրօնական կաճառները եւ վանքերը։ Այս ծիրին մէջ կը գտնուէին, Պապական հովանաւորութեան տակ գտնուող եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ամէնէն նշանաւոր համալսարանները, ինչպէս. Կրէկորյըն (Pontifical Gregorian University), Լաթըրըն (Pontifical Lateran University), Անճելիքում (Pontifical University of Saint Thomas Aquinas, Angelicum), Սան Անսեմ (Pontifical Athenaeum of St Anselm) կաճառները եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Հիմնարկը (Pontifical Oriental Institute)։ Սոյն համալսարաններու տնօրէններն ու պատասխանատուները մեզ դիմաւորեցին եւ անձամբ ներկայացուցին իրենց համալսարանական ուղղութիւնները, բաժանմունքներն ու նիւթերը, յոյս յատնելով, իրենց համալսարանները կ՚ունենան Արեւելեան Եկեղեցիներու կողմէ ուսանողներ, հարստացնելով համալսարան միջ-եկեղեցական գեղեցիկ մթնոլորտը։ Այս ոլորտին մէջ նաեւ կային, այն ուսումնարանները, որոնք աստուածաբանութիւն ուսանող եկեղեցականներու եւ եկեղեցականութեան կոչումը ունեցող թեկնածուներու համայնք ստեղծած են, ինչպէս Հայ Կաթոլիկ Լեւոնեան Վարժարանը (Pontifical Armenian College), ուր սեղանակից եւ աղօթակից եղանք Պատրիարք Հօր՝ Գերերջանիկ Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքին, Մարոնիներու ուսումնարանը (Pontifical Maronite College), ուր նաեւ սեղանակից եւ աղօթակից եղանք, Մարոնիներու Գերերջանիկ Տ. Պշարա Րաի Պատրիարքի հետ եւ Եթովպիոյ Կաթոլիկ ուսումնարանը (Pontifical Ethiopian College)։
Գ. Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ, նոյինսկ Քրիստոնէութենէն առաջ եւ Քրիստոնէութեան սկզբնական առաջին դարերու կեանքը ներկայացնող սրբավայրեր եւ հաստատութիւններ։ Սոյն սրբավայրերու շարքին մէջ էին Ս. Պետրոսի Մայր Տաճար Պազիլիքան, եւ անոր ներքնայատակը գնուող հին եկեղեցին, Քրիստոնէութեան առաջին դարերէն մնացած Սան Փրիսիլայի գերեզմանատունը, Վատիկանի մատենադարանն ու թանգարանները, Սիսթինեան մատուռը, Ս. Պօղոս Առաքեալի տաճարը, եւայլն, որոնք իսկական պատկերացումը կու տան, թէ նախաքրիստոնէական շրջանի մշակոյթին ու մտածելաոճին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական առաջին դարերու միջավայրն ու մթնոլորտը։
Ի վերջոյ, այս ծրագիրի աւարտին, օրհնութիւնը ունեցանք հիւընկալուելու Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, ուր ան իր ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց մասնակից բոլոր հոգեւորականներուն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններս, փոխանցեցինք Վեհափառ Հօր եղբայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնները։
Թէեւ, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ծիրին մէջ, եկեղեցական հոգեւոր առաջնորդները եւ պատասխանատուները բազմաթիւ առիթներով կը հանդիպին եւ պաշտօնական յարաբերութիւններ կը մշակեն ու կը զարգացնեն, սակայն, երբեմն քիչ առիթներ կ՚ըլլան, այդ ծիրէն դուրս, յատկապէս երիտասարդ հոգեւորականներ, իրար հետ ժամանակ անցնելով միասին ըլլան, սեղանակից դառնան եւ խորհրդածութիւններ բաժնեն։ Նա մանաւանդ, երիտասարդ սերունդի պատկանող հոգեւորականներս կը պատրաստուինք, տարիներու եւ դարերու մեր յարաբերութիւնները պահել ու զարգացնել ի շահ եւ ի խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգին։ Հետեւաաբար, այս մէկը գեղեցիկ առիթ եղաւ թէ՛ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ գործունէութեան ծանօթանալու եւ թէ միաժամանակ, քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներու հետ շփում ունենալով, մեր կապերը ամրացնելու։
Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները լաւապէս ճանչնալու համար, անհրաժեշտ է ճանաչողութիւնը, այլ խօսքով՝ զիրար ճանչալը։ Ոչ միայն եկեղեցիները զիրար ճանչնան աստուածաբանական եւ եկեղեցագիտական ուղղութիւններով, այլեւ ճանչնալ իւրաքանչիւրին առաքելութեան գործելաոճերը, աշխատանքային ծրագիրներն ու մարտահրաւէրները յաղթահարելու ռազմամիջոցները։ Ի վերջոյ, ոչ մէկ եկեղեցի, ինքն իր պարունակին մէջ լճացած կրնայ յառաջդիմել, այլ ընդհակառակը՝ զիրար քաջալերելով, իրարմէ սորվելով, կ՚աշխատին պայծառացնել նոյն նպատակը՝ Քրիստոսի քարոզութեան եւ աստուածային շնորհքի տարածումը։ Հետեւաբար, այս ճանաչողական համախմբումը, մեզ բոլորիս առիթ ընծայեց լաւապէս ճանչնալու Կաթոլիկ Եկեղեցին, իր համալսարաններով, գրասենեակերով եւ կազմակերպութեամբ։ Սակայն, ձեռնարկումը հոս պիտի չդադրի, այլ ունի շարունակականութիւն մը, որ տարուէ տարի, պիտի հիւրընկալուի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու կողմէ, որպէսզի իւրաքանչիւրը իրենց երկրին մէջ, նոյնպիսի ծրագիրով, ընդլայնէ այլ հոգեւորականներու ճանաչողութիւնը հիւրընկալող եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական առաքելութեան գործունէութեան մասին։
Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ չկան մեծ ու փոքր եկեղեցիներ, այլ միայն՝ յարաբերութեանց մէջ գործօն մասնակցութիւն բերող եկեղեցիներ։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անդաստանին մէջ, Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական առաքելութիւնը իւրայատուկ դեր եւ իմաստ ունի։ Անուրանալի փաստ է նաեւ, թէ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրերուն, թէ՛ մեր մասնակցութիւնը իւրայատուկ աշխուժութիւն մը ունեցած է միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւններուն մէջ, եւ միաժամանակ Անթիլիասը եղած է տարբեր ազգերու, եկեղեցիներու եւ կրօնքներու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու եւ աշխարահականներու տուն։ Առ ի յարգանք մեր միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ընկալման, փոխադարձաբար նաեւ, տարբեր երկիրներու մէջ, հոգեւոր կեդրոններ եւ հաստատութիւններ մեծ սիրով եւ ընդունելութեամբ հիւրընկալած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւորականները։ Փաստօրէն, անցեալին եւ մինչեւ ներկայիս, հոգեւորակններ նաեւ ուսանած են եւ կ՚ուսանին Հռոմի մէջ։ Ներկայիս, մեր միաբանակից եղբայրներէն, Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան կ՚ուսանի Հռոմի Արեւելեան Եկեղեցիներու Համալսարանական Հիմնարկին մէջ, առ ի գործնական նշան, միջ-եկեղեցական գործակցութեան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ։
Այս ձեռնարկներուն ընթացքին էր, երբ կարեւոր մտածում մը միտքս գրաւեց. Եթէ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդներուն յարաբերութիւնները, յատկապէս միջ-եկեղեցական մարզէն ներս, աշխուժ եւ առանցքային չըլլան, շատ դժուար պիտի ըլլար նման ձեռնարկներու եւ կամ որեւէ առիթով, տարբեր եկեղեցիներու հոգեւորականներ, եւ թէ հաւատացեալներ քով-քովի համախմբուին եւ սեղանակից ըլլան։ Հաւանաբար, չենք անդրադառնար, սակայն հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումները եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները այնքան ուղղակի եւ անուղղակի դեր կը խաղան տիեզերական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, որ այսօրուն եկեղեցւոյ միասնութեան պատկերը կը փայլեցնէ։ Թէեւ, միջ-եկեղեցական կեանքին մէջ դէպի միասնականութեան ճանապարհը բնականաբար երկար է, սակայն նաեւ շատ կարեւոր է, տեսնել, թէ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները դէպի միասնականութեան ճանապարհին վրայ են, երկխօսութեան եւ միատեղ ձեռնարկումներու ճամբով։
Նախ եւ առաջ, պարտք կը զգամ որդիական շնորհակալութիւն յայտնելու իմ եւ հոգեւոր եղբայրներուս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Հայ Եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ջահը բոցավառ ու վեհ պահելուն, եւ մանաւանդ մեզի նման հազուագիւտ եւ դաստիրակչական առիթի մը մասնակցելու օրհնութիւնը տալու համար։ Ի վերջոյ, խորապէս շնորհակալ ենք, հիւրընկալող Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Միջ-քրիստոնէական բաժանմունքին, որ նման համախմբում մը ձեռնարկեց եւ մեծ սիրով հիւրընկալեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող միաբաններուս։
Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան