12 Ապրիլի, 2020

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՍ ԸՍԱՒ ՈՒ ՄԻՇՏ Կ՚ԸՍԷ՝ ՁԵԶԻ ՀԵՏ ԵՄ, ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

 

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի սրբազան խորանէն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առաւօտուն, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կ՚ըսեմ, մեր եկեղեցւոյ պարզ, բայց խորիմաստ բառերով. «Քրիսոտս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս բառերով ողջունեց ու Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Կիրակի, 12 Ապրիլ 2020-ին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին։

 

Նորին Սրբութիւնը աղօթք բարձրացնելով առ յարուցեալ Քրիստոս՝ աղաչեց, որ յարութեան հզօր հաւատքով զօրացնէ մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ աշխարհի տագնապալից պայմաններուն մէջ, որպէսզի Անոր հրաշափառ յարութեամբ զօրացած եւ վերանորոգ հաւատքով շարունակեն ապրիլ քրիստոնէական հաւատքը՝ «այն քաջ գիտակցութեամբ, որ Քրիստոս Իր յաղթական յարութեամբ եւ Իր կենդանի ներկայութեամբ մեր ժողովուրդը պահեց ու պահպանեց պատմութեան բոլոր տագնապներուն մէջ»։

 

Խօսելով յարութենէն ետք Գալիլիոյ մէջ Փրկիչին աշակերտներուն երեւնալուն եւ անոնց առաքելութեան լծելուն մասին՝ Հայրապետը շեշտեց Քրիստոսի պատգամը «Ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհի վախճանը», եւ ընդգծեց, որ հայոց պատմութիւնը պերճախօս կերպով կը վկայէ, թէ մեր ժողովուրդը յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքով ու լոյսով հզօրացաւ իր դժուարին օրերուն։ «Ամէն անգամ, որ մահը մօտեցաւ մեր ժողովուրդին, մեր ժողովուրդը փարեցաւ կեանք-Քրիստոսին։ Ահա թէ ինչո՛ւ հրաշքի համազօր է մեր ժողովուրդի պատմութիւնը», ըսաւ ան ու շարունակեց՝ յայտնելով, որ ժողովուրդը նաեւ լսեց Պօղոս առաքեալին վկայութիւնը, որ կ՚ըսէ «եթէ Քրիսոտոս մեր կողմն է, ո՛վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ», եւ շեշտեց՝ «Պատմութեան ընթացքին ո՛չ մէկ ոյժ, ո՛չ մէկ տագնապ մեր ժողովուրդը ընկճեց, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր տառապալի կեանքին մէջ միշտ լսեց Քրիստոսի խօսքը՝ «ձեզի հետ եմ, մի՛ վախնաք, քաջալերուեցէ՛ք»։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, սակայն դարձեալ կը լսենք ձայնը յարուցեալ Քրիստոսի. «Քրիստոս մեզի հետ է, սիրելի ժողովո՛ւրդ հայոց։ Ինչպէս պատմութեան ընթացքին, այսօր եւս մենք Քրիստոսի հետ պիտի ըլլանք, որպէսզի վերանորոգենք մեր հաւատքը, գօտեպնդենք մեր յոյսը եւ ներկայ տագնապին դիմաց ըսենք, որ աշխարհի մէջ ո՛չ մէկ տագնապ, ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ մեզ ընկճել, քանի որ մենք Քրիստոսի հետ ենք՝ այն քաջ հաւատքով, որ Քրիստոս մեզի հետ է»։ Ան յորդորեց չյուսահատիլ, այլ՝ վերանորոգել հաւատքը ու ամրացնել յոյսը՝ հաւատարմօրէն քալելով Քրիստոսի ետեւէն։

 

Պատարագի աւարտին, Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց համայն հայութիւնը եւ շնորհաւորեց մեր ժողովուրդի զաւակները՝ ըսելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»։ Աւարտին, երգուեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգը եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը։

 

Նշենք, որ Ս. Պատարագը հեռարձակուեցաւ Կաթողոկոսարանի ընկերային ցանցերու լրատուամիջոցներու ճամբով։

More News