28 Հունվարի, 2020

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՊԷՏՔ Է ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 28 Յունուար 2020-ին, Պքերքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Հանդիպման նպատակն էր քննել Լիբանանէն ներս վերջին երեք ամիսներուն տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, յատկապէս ժողովուրդին պահանջքները, եւ պարզել եկեղեցւոյ տեսակէտը: Ներկայ հոգեւոր պետերը իրենց մօտեցումները արտայայտեցին՝ բնականաբար ընդգծելով եկեղեցւոյ դիրքորոշումը երկրէն ներս ստեղծուած կացութեան եւ ժողովրդային պահանջքներու գծով:

 

Խօսք առաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք Լիբանանը դիմագրաւող վտանգալից մարտահրաւէրները՝ շեշտեց, թէ «ճիշդ չէ ընդհանրութիւններու մէջ մնալ, անհրաժեշտ է եկեղեցւոյ տեսակէտը յստակօրէն արտայայտել: Եկեղեցին ժողովուրդին ձայնն է, անոր սպասումներուն ու կամքին արտայայտութիւնը: Ժողովուրդը ընդվզած է անարդարութեան ու փտածութեան նկատմամբ: Վստահութեան պակաս մը կայ ժողովուրդին մօտ քաղաքական իշխանութեան նկատմամբ: Եկեղեցին պէտք է զգուշացնէ քաղաքական պատասխանատուները, որպէսզի անոնք ժողովուրդի պահանջքներուն գոհացում տան՝ գործնական քայլերու դիմելով»:

 

Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ զգուշացուց, թէ «բռնարարքները կրնան ժողովրդային յեղափոխութեան բնոյթը փոխել»: Ան նաեւ շեշտեց, որ «կառավարութեան վստահութիւն ու նեցուկ պէտք է տալ, որպէսզի ան կարենայ շուտով աշխատանքի լծուիլ»: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է համայնքային զգայնութիւններ ստեղծող արտայայտութիւններէ ու քայլերէ հեռու մնալ» եւ ընդգծեց «ներքին միասնականութեան պահպանման հրամայականը»:

 

Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց, որ «կոչ մը ուղղուի Լիբանանեան սփիւռքին, արաբական աշխարհին եւ միջազգային համայնքին, որպէսզի նեցուկ կանգնին Լիբանանին, յատկապէս տնտեսական մարզէն ներս»:

More News