15 February, 2020

ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ ԵՐԵՔ ԵՐԻՏԱՍԱԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ երեք երիտասարդ միաբան հայրեր՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտճեան (առաջնորդական փոխանորդ Հիւսիսային Յունաստանի), Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ Շէրնէզեան (տեսուչ «Կիլիկիա» Թանգարանի), Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան(վարիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին), մեկնեցանՎատիկան՝ընդառաջելով Վատիկանի միջ-քրիստոնէական յարաբերութեանց բաժանմունքի հրաւէրին: Հայր սուրբերուն պիտի միանայ Հռոմի մէջ ուսանող Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան:

 

Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ տեղի ունեցող աստուծաբանական յանձնախումբը որոշած էր, որ յաջորդաբար Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներ կազմակերպեն փոխադարձ այցելութիւններ իրենց երիտասարդ հոգեւորականներու, որպէսզի աւելի մօտէն ու ամբողջական կերպով ճանչնան զիրար: Հետեւաբար, արեւելեան եկեղեցական ընտանիքին պատկանող իւրաքանչիւր եկեղեցիէն երեք երիտասարդ հոգեւորականներ յառաջիկայ 10 օրերու ընթացքին Վատիկանի մէջ այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ճամբով առիթը պիտի ունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու Վատիկանի աշխատանքներուն ու Կաթոլիկ եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

More News