ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանր պայմանները եւ մեր ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, Կաթողիկոսարանը կը շարունակէ իր ընկերային ծառայութիւնը։ Ընկերային կառոյցներուն, լրատուական օրկաններուն, շտապ մարմնին եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն կատարուած օժանդակութեան առընթեր, վերջերս 200 ընտանիքներու ուտեստեղէն տրամադրուեցաւ՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին ճամբով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ «ՔՈՐՈՆԱՎԻՐՈՒՍ»Ի ՊԱՏՈՒԱՍՏԻ ԳԻՒՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷՅԵԱՆԻՆ

Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2020-ին, երկար զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ «Քորոնավիրուս»ի պատուաստանիւթի մը գիւտին գծով յարատեւ աշխատանքի լծուած Նուպար Աֆէյեանին միջեւ։   Տիար Աֆէյեան լայն բացատրութիւններ տուաւ Վեհափառ Հայրապետին իր ընկերութեան կատարած մասնագիտական աշխատանքներուն գծով։   Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց պարոն Աֆէյեանին՝ անոր աշխատանքը նկատելով համամարդկային առաքելութիւն, որ…