Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2016-ի առաւօտուն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Միջազգային Իսլամական Կապերու Կեդրոնի պատասխանատու` Դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի Թորքամանի այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային կցորդը, Դոկտ. Թորքամանիին երկու օգնականները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Դիւանապետ՝ Տիար Խաչիկ Տէտէեան։
Դոկտ. Թորքամանին լաւապէս ծանօթ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ տարած աշխատանքին, նկատի ունենալով, որ Իրանի պետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ պաշտօնական երկխօսութեան նիստերուն ան կը գլխաւորէ Իրանի պատուիրակութիւնը։ Այս երկխօսութեան վերջին նիստը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մէջ, 3 Մարտ 2015-ին, իսկ յառաջիկայ նիստը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի մէջ։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան պաշտօնական երկխօսութեան յառաջիկայ նիստին օրակարգը, Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը, Ղարաբաղի վերջին զարգացումները եւ Իրանի հայ համայնքներուն ունեցած կարեւոր ներդրումը ընկերութեան զարգացման աշխատանքներուն մէջ։ Աւարտին, անգամ մը եւս շեշտուեցաւ Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համագործակցութեան սերտ հրամայականը՝ յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան շրջագծէն ներս, ինչպէս նաեւ հայ եւ իրանցի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան առաւել ամրապնդումը, որ համագոյակցութեան լաւագոյն օրինակներէն մին է։