Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Մ.Ա. Էմիրութեանց մայրաքաղաք՝ Ապու Տապի։ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորելու համար օդակայան եկած էին Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը, Լիբանանի եւ Հայաստանի հանրապետութեանց դեսպանները, ազգային երեսփոխաններ եւ ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչները։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նորակառոյց Ազգային Առաջնորդարանի համալիրը եւ Սրբոց Նահատակաց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կատարեց կանոնական աղօթք։ Աւելի ուշ, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդին եւ ազգային պատասխանատուներուն հետ, խօսելով Թեմին հետ առնչութիւն ունեցող շարք մը կատարուելիք իրագործումներու մասին։
Վեհափառ Հայրապետը Մ.Ա. Էմիրութեանց մէջ պիտի ունենայ պաշտօնական հանդիպումներ, եւ նախագահէ շարք մը պաշտօնական ձեռնարկներու։
Յայտնենք, որ Նորին Սրբութեան կ’ընկերակցին Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։