Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու ընդհանրապէս Հայաստանը յուզող ու յատկապէս Ղարաբաղի ներկայ կացութեան առնչուած հարցերու շուրջ։
Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս շեշտեց Ղարաբաղի հզօրացման նպաստող աջակցութեան ու աշխատանքներուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ նման համահայկական բնոյթ ունեցող առաջնահերթ խնդիրներ անհրաժեշտ է դիմագրաւել համահայկական ճիգով։