16 Դեկտեմբեր 2014-ի հաղորդագրութեամբ, յայտարարած էինք թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտ, ի յիշատակ իր ամուսնոյն Տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանին, Տիկին Վերոնիք Կարեւորեան 700,025 Ամերիկեան Տոլարի գումարով հիմնարդամ մը հաստատած է։ Հիմնադրամին նպատակն է հայ-ֆրանսական մշակութային գործակցութեան նպաստ բերող ծրագիրներու յատկացնել հիմնադրամին եկամուտները։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ յատուկ Յանձնախումբ մը կը ճշդէ հիմնադրամին գործունէութիւնը։ Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Տիկին Վերոնիք Կարեւորեան եւ Տիկին Միմի Եոզկաթեան։
Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ, Ուրբաթ, 13 Մայիս 2016-ի առաւօտուն տեղի ունեցած ժողովի ընթացքին Յանձնախումբը առաւ հետեւեալ որոշումները.- ֆրանսական թեքում ունեցող հետեւեալ դպրոցներէն իւրաքանչիւրին՝ Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց Վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, տրամադրել 10,000 Ամերիկեան Տոլար։ Ինչպէս նաեւ 20,000 Ամերիկեան Տոլար՝ Յուլիսի կէսերուն Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք Երիտասարդական համագումարին եւ 10,000 Ամերիկեան Տոլար՝ ֆրանսերէն լեզուով կատարուելիք հրատարակութեան մը։
Այս առիթով կ’ուզենք յիշեցնել, թէ Հիմնադրամին կրնան դիմել անոնք որոնք ֆրանսերէն լեզուով հրատարակութիւններ ունին կամ Հայ-Ֆրանսական մշակութային գործակցութեան առնչուած յատուկ ծրագիրներ։