Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2016-ի առաւօտուն, Վեհարանի գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Սուրիոյ տագնապի լուծման աշխատանքները համակարգող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ենթաքարտուղար Նիքոլաս Միշէլը։ Նորին Սրբութեան եւ Նիքոլաս Միշէլին միջեւ աշխատանքային առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Ժընեւի մէջ, 4 Մարտ 2016-ին, որու լոյսին տակ տեղի ունեցաւ այսօրուան տեսակցութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ սուրիական տագնապի բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի օգնականը՝ Տիար Անթուան Լահհամ եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։
Ժամէ մը աւելի տեւող հանդիպումի ընթացքին Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչները նախ տեղեակ պահեցին Նորին Սրբութիւնը Ժընեւի մէջ Սուրիոյ գծով տեղի ունեցող բանակցութիւններուն ներկայ հանգրուանին առնչուած զարգացումներուն շուրջ, ապա նախապէս Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարուած առաջարկներուն առնչութեամբ տարուած աշխատանքներուն եւ զարգացումներուն մասին։ Նաեւ արծարծուեցան սուրիական տագնապի զանազան երեսները, խաղաղութեան գործընթացը, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը եւ քրիստոնեայ-իսլամ համագոյակցութեան հրամայականը։