22 May, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՑ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆ

 

Կիրակի, 22 Մայիս 2016-ին, Ս. Եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին՝ Տէրունական աղօթքէն առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ Լիբանանի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան ստացան Շահինշահրի Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Անանիա Վրդ. Գուճանեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան եւ Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան։

 

            Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանին արժանացած Գերապատիւ երեք Հայր Սուրբերը յաջորդաբար իրենց քարոզները խօսեցան, որոնք կեդրոնացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան, հաւատարմութեան եւ Դպրեվանքին վրայ։

Պատարագի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, երեք Ծայրագոյն Վարդապետները, Շահէ Սրբազանին եւ խարտաւիլակ Յուսիկ Ծայրագոյն Վարդապետին գլխաւորութեամբ, ընդունեց գրասենեակին մէջ, իր Հայրապետական թելադրանքները փոխանցեց եւ օրհնութիւնը տուաւ անոնց: Թեմերէն եկող հիւրեր ու բարերարներ եւս միացան եւ շնորհաւորեցին Հայր Սուրբերը։

 

            Շաբաթ, 21 Մայիս 2016-ի առաւօտուն, Վեհարանի Դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտաճառերու պաշտպանութիւն։ Հայր Սուրբերը իրենց աւարտաճառերը ներկայացուցին ու պաշտպանեցին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերու ներկայութեան։ Աւարտաճառերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւէն առնուած նիւթեր էին, որոնք Հայր Սուրբերը վերծանած եւ ուսումնասիրութիւններ կատարած էին։ Նորին Սրբութիւնը այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ իր նկատողութիւններն ու ցուցմունքները փոխանցեց։

 

Նշենք, որ աւարտաճառերու պաշտպանութեան ներկայ էին եւ եկեղեցական արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի միաբան Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերոբեանը։

 

            Յայտնենք, որ Հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր շրջաններու մէջ ծառայող երեք միաբաններ՝ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան-Թորոնթո, Հոգշ. Տ. Սահակ Վրդ. Եմիշեան-Ուսթր եւ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենթէզեան-Շիքակո, իրենց ծառայած եկեղեցիներուն մէջ ստացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան։

More News