21 May, 2016

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 101-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈԻԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական զրոյց մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումին (Հ.Հ.Հ.):

 

Հ.Հ.Հ.-ի յանձնախումբին անունով Սարգիս Սեֆերեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց յայտագրի գլխաւոր կէտերը եւ ձեռնարկին առիթն ու նպատակը: Սեֆերեան նաեւ ամփոփ ակնարկով նշեց Հ.Հ.Հ.-ի կազմութեան նպատակն ու գործունէութեան դաշտը յիշեցնելով, որ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը խորքին մէջ հիմնուած ու կազմուած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ: Ներկայացնելէ ետք օրուան բանախօսները՝ Դոկտ. Լէյլա Նիքոլա Ռահպանին, Դոկտ. Մոհամմէտ Նուրետտինը եւ զրուցավար Վերա Եագուպեանը, Սեֆերեան անյապաղ ապաքինում մաղթեց օրուան երրորդ բանախօսին՝ Դոկտ. Ուալիտ Հըտրոժին, որ առողջական անակնկալ ու կամքէ անկախ պատճառներով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ սոյն ձեռնարկին: Նախքան այդ Սեֆերեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակ զոհերու յիշատակը: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Վերա Եագուպեանին:

 

Օրուան զրուցավար Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Գրասենեակի Տնօրէն Վերա Եագուպեան ներկայացուց զրոյց դասախօսութեան ընթացքին արծարծուելիք նեթերու գլխաւոր կէտերը: Ան հակիրճ կերպով տուաւ օրուան բանախօսները՝ Լիբանանեան Համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց դասախօս, Մ.Ա.Կ.-ի Ակադեմական Խորհուրդի անդամ, այցելու դասախօս միջազգային համալսարաններու, անգլերէն եւ արաբերէն բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ՝ Դոկտ. Լէյլա Նիքոլա Ռահպանին եւ թրքագէտ, Լիբանանեան Համալսարանի թրքերէն լեզուի եւ պատմութեան դասախօս, Լիբանանեան Խորհրդարանի Արտաքին Հարցերու Յանձնախումբի խորհրդական, Թուրքիոյ եւ առնչակից նիւթերու վերաբերող բազմաթիւ գիրքերու եւ ուսումնասիրութեանց հեղինակ՝ Դոկտ. Մոհամմէտ Նուրէտտինը: Ապա, ան յաջորդաբար խօսքը փոխանցեց Դոկտ. Ռահպանիի եւ դոկտ. Նուրետտինի, ի հարկին անհրաժեշտ միջամտութիւններ կատարելով եւ տեղեկութիւններ փոխանցելով:

 

Դոկտ. Լէյլա Նիքոլա Ռահպանի նախ անդրադարձաւ Միջին Արեւելեան երկիրներու վերջին տասնամեակներու քաղաքական թէ ապահովական վերիվայրումներուն՝ կեդոնանալով 2011-էն ի վեր բռնկած այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»-ի շարժառիթներուն եւ հետեւանքներուն: Այս ծիրին մէջ ան հանգամանօրէն ներկայացուց շրջանի քաղաքական ու աշխարհագրական բաժանման գծով ծրագրուած գաղտնի թէ բացայայտ պատկերացումներուն եւ ծրագիրներուն, ինչպէս՝1982-ին եբրայերէնով լոյս տեսած մէկ յօդուածի պատկերացումը՝ «Իսրայէլի 80-ական թուականներու ռազմավարութիւնը» խորագրաեալ, ուր հեղինակը Ուվիթ Ունին շրջանը կը բաժնէ զանազան նորահաստատ պետական կառոյցներու: Երկրորդը՝ Պեռնար Լուիսի պատկերացումը մասնատեալ Միջին Արեւելքի մասին եւ երրորդը՝ ամերիկացի զօրավար Ռալֆ Փիթըրի ամերիկեան պաշտօնական զինուորական մէկ պարբերաթերթին մէջ 2006-ին լոյս տեսած պատկերացումը շրջանի բաժանման գծով: Դոկտ. Ռահպանի անդրադարձաւ նաեւ այս գծով ծրագրուած ու կիրարկուող մէկէ աւելի «սենարիօ»-ներու եւ անոնց գաղափարախօսական ջատագովներուն ինչպէս՝ Ապտալլա Մոհամմէտի, յանգելով ամերիկացի նախկին պետական քարտուղար Քոնտոլիզա Ռայսի «շինիչ քաոս»-ի ծրագրին:

 

Դոկտ. Մոհամմէտ Նուրետտին անդրադարձաւ Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին մէջ պարզուող երկփեղկումներուն՝ յատկապէս նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միապետական քաղաքականութեան լոյսին տակ ընդգծելով, որ այս ընթացքով Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ կը շեշտուի ազգայնական մղումը, ուր կ’անտեսուին Թուրքիոյ բնակչութեան ոչ թուրք փոքրամասնութեանց՝ հայերու, յոյներու եւ այլոց իրաւունքները: Դոկտ. Նուրետտին մէջ ընդ մէջ պատմական յետադարձ ակնարկներով հիմնաւորեց իր վարկածը: Ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ հայկական հարցի ուրացման քաղաքականութեան եւ թրքական իրերայաջորդ վարչակարգերու հակահայ թէ հակայոյն քաղաքական վարքագիծին:

 

Խօսքերու աւարտին տեղի ունեցաւ շահեկան զրոյց ներկաներուն եւ բանախօսներուն միջեւ: Աւարտին Հ.Հ.Հ.-ի Հոգեւոր Խորհրդատու Գերպ. Տ. Սիփան վրդ. Քեչէճեան եւ Ատենապետ Յակոբ Հանտեան բանախօսներն ու զրուցավարը պատուեցին յատուկ յուշանուէրներով: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւս յատուկ նուէրներով մեծարեց բանախօսներն ու զրուցավարը:

 

Նշենք որ ձեռնարկի սկզբնաւորութեան Ռիթա Աստիկեան ջութակի վրայ նուագեց «Կիլիկիա»ն եւ հայկական երաժշտական այլ կտորներ, ձեռնարկին տալով մշակութային ջերմ երանգ: