ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայն մը ստացաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանէն։   Նորին Սրբութեան ու Նախագահին հեռաձայնային խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Ղարաբաղի ներկայ կացութեան շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը Նախագահ Բակօ Սահակեանին հրաւիրեց այցելելու Լիբանան, միաժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու թեմերուն ամբողջական զօրակցութիւնը վերահաստատեց Ղարաբաղի նկատմամբ։  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Կ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2016-ի առաւօտուն, Վեհարանի գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Սուրիոյ տագնապի լուծման աշխատանքները համակարգող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ենթաքարտուղար Նիքոլաս Միշէլը։ Նորին Սրբութեան եւ Նիքոլաս Միշէլին միջեւ աշխատանքային առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Ժընեւի մէջ, 4 Մարտ 2016-ին, որու լոյսին տակ տեղի ունեցաւ այսօրուան տեսակցութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ սուրիական տագնապի…