14 Ապրիլի, 2016

ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՐՑԱԽԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ  

 

Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2016-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Շուշիի Ղազանչեցոց Ս․ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջկատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք Արցախի ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար:

 

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ ԲակօՍահակեանը, ԼՂՀ Ազգային Ժողովի Նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, ԼՂՀ Վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, ԱԺ պատգամաւորներ, ԼՂՀ կառավարութեան անդամներ, Հայոց Բանակի հրամանատարական կազմը, զինուորականներ,  երիտասարդներ եւտարեցներ։

 

Մաղթանքի ընթացքինԳարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր պատգամը փոխանցեց ներկայ բարեպաշտ արցախցիներուն եւ ըսաւ. «Մեր հոգին լի է արդար հպարտութեամբ, քանզի մեր բանակի սահմանապահ միաւորումները, ինչպէս եւ` Արցախի մեր ժողովուրդը աներկիւղ դիմակայեցին ազրպէյճանական զօրքերի յարձակմանը, ետ մղեցին սպառազինութեամբ գերազանցող հակառակորդին, որի մէջքին անսքող կանգնած է ցեղասպան Թուրքիան: Առաջին իսկ օրից դրսեւորուեց մեր բանակի մարտունակութիւնն ու քաջարի ոգին, մեր զինուոր զաւակները ցուցաբերեցին հերոսութեան բացառիկ օրինակներ: Նրանցից ոմանք իրենց ծաղկուն կեանքը, պայծառ երազները նուիրեցին հայրենիքին, մեզ՝ ապրողներիս, գալիք սերունդներին»:

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս, պատմական այս այցելութեան առիթով հաւաքուած Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ զինուորականներուն ներկայութեան, իր պատգամը արտասանեց եւուրախութիւնը յայտնեց հայրենի հողին նկատմամբ մեր ժողովուրդին ունեցած կապուածութեան համար։ «Այսօր, երբ այս սրբազան հողին վրայ կը գտնուիմ, չեմ կրնար չյիշել մեր այն հերոսները, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Արցախի անկախութեան ի խնդիր։ Անոնք իրենց արիւնով կնքուած ազատ ու անկախ Արցախը մեզի կտակեցին որպէս սրբազան աւանդ։ Սա պահուն ես չեմ կրնար չյիշել վերջին տարիներու եւ վերջին օրերու մեր նահատակ տղաքը, մեր հերոսները, որոնք նո՛յն հաւատքին՝ հայրենիքին համար արիւն թափելու սրբազան քաջութեամբ կռուեցան.այսօր, մեզի համար անոնք սովորական մահկանացուներ չեն, այլ՝ անմահհերոսներեն։ Մեր նահատակները, «իմացեալ մահ»ով իրենց արիւնը հեղեցին ազատ ու անկախ Արցախին համար։ Պատի՛ւ մեր մայրերուն, որոնք նման հերոսներ ծնած ու դաստիարակած են՝ հերոսներ, որոնք պատրաստ են ապրելու, կռուելու եւ նահատակուելու իրենցմէ վեր ու վեհ արժէքներուն՝ մեր ժողովուրդին սրբազան իտէալներուն համար» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս ու շարունակեց իր ոգեւորիչ պատգամը՝ «Սիրելի Արցախի ժողովուրդ. այսօր, իւրաքանչիւր հայ արցախցի է՝ Արցախի մէջ կամ Արցախէն դուրս, որովհետեւ Արցախը այսօր մեր ժողովուրդին համար վաւերական հայութեան հոմանիշ է, Արցախը մեր ժողովուրդին համար ի խնդիր հայրենիքին կռուելու քաջութեան հոմանիշ է։ Թող Ազրպէյճան իմանայ, որ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները աշխարհի տարածքին պատրաստ են ամէն գնով Արցախը պաշտպանելու։ Ա՛յս է մեր հաւաքական վճռակամութիւնը»։

 

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետներուն Ղարաբաղի Նախագահը ճաշկերոյթ մը տուաւ, որուն ներկայ գտնուեցան Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի Նախագահը, Վարչապետը, նախարարներ, Ազգային Ժողովի երեսփոխաններ, Հայոց Բանակի բարձրաստիճան հրամանատարներ, եկեղեցականներ եւ քաղաքացիական զանազան պատասխանատուներ։

More News