«ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄՆ Է ՈՐ ՂԱՐԱԲԱՂ Կ’ԱՅՑԵԼԵՄ ՍԱԿԱՅՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ՄԻՇՏ ԵՂԱԾ Է ՈՒ ԿԸ ՄՆԱՅ ՍՐՏԻՍ ՈՒ ՀՈԳԻԻՍ ՄԷՋ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Գանձասարի Վանքին մէջ

Շարունակելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն իրենց պատմական այցելութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016-ի յետմիջօրէին ժամանեցին Գանձասարի պատմական Վանքը, ուղեկցութեամբ ԼՂՀ Ազգային Ժողովի Նախագահ Տիար Աշոտ Ղուլեանի։ Երկու Հայրապետները «Հրաշափառ»ով մուտք գործեցին Սուրբ Յովհաննէս Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական աղօթք։

Արցախի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետներուն։ Ապա, Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը ընթերցեց Հայրապետական պատգամը. «Եկել ենք աղօթելու մեր զինուորների անվտանգ ու ապահով ծառայութեան համար: Եկել ենք զօրակցութիւն բերելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններին, ողջ արցախահայ մեր ժողովրդին` Արցախի խաղաղ, լուսաւոր կեանքը կերտելու իրենց ջանքերում: Եկել ենք` գօտեպնդելու Արցախի մեր ժողովրդին, գօտեպնդելով՝ նաև գօտեպնդվելու արցախահայութեան անկոտրում կամքով և քաջարի ոգով մեր զինուորների: Փառք քեզ, արցախահայութիւն, փառք քեզ, Հայոց բանակ: Հպարտ ենք ձեզանով, ձեր սխրանքներով, ձեր խիզախ պահուածքով»։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, այս առիթով հաւաքուած Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ զինուորականներուն ներկայութեան, իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի մեր ժողովուրդին եւ Հայոց Բանակին։ Իր Հայրապետական պատգամին մէջ կո՛չ ուղղեց ամբողջ հայ ժողովուրդին մէկտեղելու իր ուժերը՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն եւ ըսաւ. «Առաջին անգամն է որ Արցախ կ’այցելեմ, սակայն Արցախը միշտ եղած է ու կը մնայ սրտիս եւ հոգիիս մէջ։ Մենք եղած ենք խաղաղասէր ժողովուրդ եւ երբեք ուրիշին իրաւունքը չենք փորձած խլել, սակայն չենք արտօնած միաժամանակ, որ մեր թշնամիները մեր արդար իրաւունքները ոտնահարեն։ Թշնամին պէտք է լաւ իմանայ, որ Արցախի մեր ժողովուրդը առանձին չէ, այլ ունի ողջ հայ ժողովուրդին զօրակցութիւնը։ Պատմութիւնը մեզ սորվեցուցած է, որ ճակատագրական պահերուն միասնական ուժը մեր մեծագոյն զէնքն է, հետեւաբար այսօր եւս ողջ հայ ժողովուրդը միասնական այս ուժը պիտի օգտագործէ՝ զօրակցելու Արցախի մեր ժողովուրդին եւ պաշտպանելու մեր նահատակներու արիւնով սրբագործուած հողը»։

Երկու Վեհափառ Հայրապետները այցելեցին Գանձասար Վանքի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանն ու «Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնը։ Ապա, Վանքի շրջափակին մէջ ունկնդրեցին «Վանք» գիւղի դպրոցի ուսանողներուն եւ զինուորներու կողմէ կատարուած հայրենասիրական երգերն ու ասմունքները, եւ օրհնելով զիրենք խաչիկներ բաշխեցին։

Երկու Վեհափառ Հայրապետները Գանձասարի Վանքէն ուղղուեցան Ստեփանակերտի Զինուորական Հիւանդանոցը եւ այցելեցին ու օրհնեցին հայրենի հողի պաշտպանութեան ընթացքին վիրաւորուած Հայոց Բանակի մեր քաջարի զինուորները։

Երեկոյեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանի ընկերակցութեամբ երկու Վեհափառ Հայրապետները շրջագայեցան Ստեփանակերտ քաղաքի կեդրոնական մասը եւ իրազեկ դարձան քաղաքի զարգացումներուն ու ապագայ ծրագիրներուն։ Ապա, Վեհափառ Հսյրապետները առանձին հանդիպում մը ունեցան Ղարաբաղի Նախագահին հետ։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ Նախագահը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցէ Վեհափառ Հայրապետներուն Ղարաբաղի վերջին անցուդարձերուն հետ առնչուած դէպքերուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին։ Աւելի ուշ, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետներուն Ղարաբաղի Նախագահը ընթրիք մը սարքեց, որուն ներկայ գտնուեցան Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի Նախագահը, Վարչապետը, Նախարարներ, Ազգային Ժողովի Երեսփոխաններ եւ Հայոց Բանակի բարձրաստիճան հրամանատարներ։