ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ թուրք այլախոհ գրող Քեմալ Եալչընի «Վեապրողները» հատորը, թարգմանութեամբ թրքերէնէ Օրդ. Սալբի Գասպարեանի եւ խմբագրութեամբ Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի։ Հատորը կ’ընդգրկէ հեղինակին՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած, այժմ թրքացած կամ քրտացած հայերու ականատեսի վկայութիւնները եւ անոնց պատմութիւնը։ Հեղինակը, վերջին տասնամեակին թուրքիոյ մէջ ձեւաւորուած յառաջապահ այն մտաւորականներէն է որ կ’ընդգծէ հայ ինքնութեան դարաւոր կենսակերպին հակադրուող թրքական խարխափող ազգայնականութեան կերպարը։

 

            Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի Հրատարակութեան 84-րդ թիւն է Քեմալ Եալչընի «Վերապրողները» գործը, հրատարակուած Անթիլիասի մէջ։