Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԱՐՄԷՆ ԵՒ ԱՇՈՏ ՃԵՆՏԵՐԵՃԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

 
 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին ու Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, երէկ` Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններու մեծարանքի երեկոն:
 
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ երեկոն կազմակերպուած է գնահատելու, պատուելու եւ խոնարհելու Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերեճեաներուն վաստակին դիմաց, հայ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ ու արուեստներուն մէջ գերագոյններէն հանդիսացող երաժշտութեան հանդէպ իրենց խորաթափանց սիրոյն եւ բծախնդիր աշխատանքին համար: Ան խօսելով մշակոյթի դերին մասին պնդեց, որ մշակոյթը հայ ազգի գոյատեւման կենսական աղբիւրներէն եւ ինքնութիւնը անաղարտ պահող ուժերէն մէկն է: Մշակոյթը շունչն է ազգին եւ անոր կենդանութեան համար աւիշ մատակարարող աներեւոյթ զօրութիւնը։
 
Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Ճենտերեճեան եղբայրները իրենց կեանքի ընթացքին հոգիով միացած` լուռ խօսքերով փոխանցած են մեր մշակոյթի կոթողները:
Հայ մշակոյթը, յատկապէս երաժշտութիւնը, որ համաշխարհային երաժշտութեան ու հոլովոյթին մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունի, Ճենտերեճեան եղբայրներուն շնորհիւ գրաւած է բարձրադիր պատուանդաններ: Ապա հայր սուրբը եզրափակեց ըսելով, թէ անոնք հայ թէ օտար երաժշտութեան ամէնէն յետին մանրամասնութիւններուն գերազանց ներկայացումով ոչ միայն մշակոյթի ջահը վառ պահած են, այլ հոգիի մենաշնորհեալ երջանիկ վիճակ մը ստեղծելով բազմաթիւ հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակը դարձան եւ երաժշտութեան հանդէպ սէր եւ ակնածանք մշակեցին:
Ելոյթ ունեցաւ Զաքար Քէշիշեան: Ան իր խօսքը սկսաւ Ճենտերեճեան եղբայրներուն ծանօթացման հետ կապուած յուշ մը պատմելով` նշելով, որ դէպքը, որ տեղի ունեցած է 1993 թուականին Արցախի մէջ «Վարանդա» երգչախումբին անդրանիկ ելոյթին առիթով:
 
Զ. Քէշիշեան յայտնեց, որ Ճենտերեճեան եղբայրներու զուգանուագը առանձին երեւոյթ է հայ երաժշտական կեանքին մէջ: Եղբայրներուն համերգները 25 տարբեր քաղաքներու մէջ իրենց բերած է արդար հռչակ մը, որ հիմնուած է տաղանդի, տքնաջան աշխատանքի, կազմակերպական յատկութիւններու ու կատարողական վարպետութեան վրայ: Ան նշեց, որ Ճենտերեճեաններու երգացանկը կ’ընդգրկէ Պարոք շրջանէն մինչեւ մեր օրերը հասնող 60 երաժշտահաններու ստեղծագորղութիւններ:
Զաքար Քէշիշեան ըսաւ, թէ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեան եղբայրները աչքի ինկած են նաեւ իբրեւ նուիրեալ ու հմուտ մանկավարժ ուսուցիչներ: Անոնք խանդաղատանքով լծուած են նորահաս սերունդին ճամբայ հարթելու աշխատատար, մաշեցնող, բայց նուիրական գործին, ապա նշեց, թէ իրենց համբերատար աշխատանքին արդիւնքը կը վայելենք ի տես «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի պատրաստած պատանի եւ երիտասարդ ջութակահարներուն: Անոնք ինքնամոռաց կերպով ուսանողին մէջ կը կերտեն վաղուան ոչ միայն արհեստավարժ, այլեւ արուեստագէտ ջութակահարը: Դասաւանդման ու յատկապէս ջութակի մարզի զարգացման զուգահեռ անոնք պարգեւած են նաեւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի մենակատարներու համոյթը, որ արդէն իսկ սկսած է ունենալ համերգային հեռանկարային կենսագրութիւն:
 
Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններ ջութակով մեկնաբանեցին տասնեակ մը երաժշտական կտորներ, նուագակցութեամբ` Նարէ Աղասարգիսեանին: Ջութակով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Նարէ Ագշարեան ե Աւօ Տագէսեանը, նուագակցութեամբ` Պետիկ Ալեքսանեանի:
 
Այնուհետեւ իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին սկիզբը գնահատեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ Դպրեվանքի տեսչութիւնը, որոնք սիրով ընդառաջած են մեծարանքի երեկոյի կազմակերպման: Ան յատուկ կերպով գնահատեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, որ իր բազմաթիւ ծրագիրներով Լիբանանի հայութեան կեանքը մշակութային արժէքներով կը կենսաւորէ: Առանց այդ արժէքներուն մեր ժողովուրդի կեանքին, մտքին ընդերքներէն եկող արժէքներուն մեր կեանքը պիտի թառամի եւ պիտի կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, դիտել տուաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ապա ըսաւ, թէ արժէքները մեզ պահեցին եւ մեր ինքնութիւնը ապահովեցին: Արժէքները յատկապէս սփիւռքեան տմոյն պայմաններուն մէջ մեզ պիտի շարունակեն պահել հայօրէն:
Վեհափառ Հայրապետը «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին ակնարկելով ըսաւ. «Գնահատանքիս առընթեր սպասումս է, որ անիկա իր առաքելութիւնը շարունակէ, որովհետեւ որեւէ կառոյց պէտք ունի մեր ժողովուրդի նեցուկին` նիւթական եւ բարոյական իմաստով»:
 
Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, թէ Ճենտերեճեան եղբայրները ամբողջութեամբ նուիրուած են եւ կը շարունակեն նուիրուիլ հայ երաժշտական արժէքներու տարածման` մեր ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Անոնք ոչ միայն նուագած են, այլ նաեւ սորվեցուցած են նուագել, նուիրումով ծառայած են եւ նոյն ոգիով լծուած են երաժշտական արուեստի եւ արժէքներու:
 
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատելով եղբայրներուն կատարած աշխատանքը, ողջունեց իրենց ներկայութիւնը ղարաբաղեան ոգիով օծուն մթնոլորտին մէջ եւ յայտնեց, թէ ուրախութեամբ պիտի մեծարէ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեանները «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
 
Կարդացուեցան Հայրապետական կոնդակները, ապա Վեհափառ Հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով մեծարեց Ճենտերեճեան եղբայրները:
 
Նշենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան այս առիթով ուղերձ մը յղած է, որուն մէջ կ’ըսէ. «Ճենտերեճեան եղբայրներուն ծաւալած հայրենանուէր գործունէութիւնը բարձր գնահատուած է Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ: Իսկ այսօր, անոնք կը պարգեւատրուին բարձագոյն պարգեւով` «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով` Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ: Հպարտ ենք եւ ուրախ Ճենտերեճեան եղբայրներուն պէս ճշմարիտ մտաւորականներ ունենալու համար»:
 
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին մեծարուած եղբայրներուն: