20 Ապրիլի, 2016

ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ իւրաքանչիւր Երեքշաբթի առաւօտ ժամը 10։00-11։00 տեղի կ’ունենայ հոգեւոր լսարան, որուն կը մասնակցին շուրջ 150 տիկիններ եւ օրիորդներ։ Լսարանը կը կազմակերպուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ։ 19 Ապրիլ 2016-ի լսարանի աւարտին, մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Նահատակաց Մատուռ, ուր ծաղիկներ զետեղելով իրենց աղօթքները առ Աստուած բարձրացուցին, խնդրելով որ մեր նահատակ սուրբերուն բարեխօսութիւններուն ճամբով պահէ ու պահպանէ մեր ողջ ժողովուրդը եւ եկեղեցին՝ հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։

More News