3 May, 2016

ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայն մը ստացաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանէն։

 

Նորին Սրբութեան ու Նախագահին հեռաձայնային խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Ղարաբաղի ներկայ կացութեան շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը Նախագահ Բակօ Սահակեանին հրաւիրեց այցելելու Լիբանան, միաժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու թեմերուն ամբողջական զօրակցութիւնը վերահաստատեց Ղարաբաղի նկատմամբ։