ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

 
 
Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեան, Երեւանի նախագահական պալատին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ։ Նախագահ Սարգսեան Վեհափառ Հայրապետները տեղեակ պահեց Արցախի առնչուած վերջին զարգացումներուն մասին։
 
Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները յանուն Հայ Եկեղեցւոյ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ հայոց արի բանակին։
 
Հանդիպումի ընթացքին նաեւ արծարծուեցաւ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Արցախ իրենց կատարելիք յառաջիկայ այցելութեան մասին։