Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Հալէպահայ գրող Լալա Միսկարեան-Մինասեանի «Սուրիական Օրագրութիւն» հատորը, որ կ’ամփոփէ 2012 թուականէն ասդին հայկական մամուլին մէջ լոյս տեսած անոր օրագրութիւններն ու տպաւորապաշտ էջերը։ «Սուրիական Օրագրութիւն»ը Սուրիոյ պատերազմի օրագրութիւնն է, ի մասնաւորի Հալէպի հայութեան պատերազմական առօրեան, պատերազմին ահաւոր հետեւանքներով ու անորոշ ելքով։
Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի Հրատարակութեան 83-րդ թիւն է, լոյս տեսած Անթիլիասի մէջ, խմբագրութեամբ Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի։ Գիրքը կը բաղկանայ 375 էջերէ։