Հայաստան ու Արցախ կատարած իր զօրակցական այցելութենէն վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային կապ հաստատեց Լիբանանի Վարչապետ Թամամ Սալամի հետ, եւ իր գնահատանքը յայտնեց վերջերս Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին, Ղարաբաղի հարցի գծով Լիբանանի որդեգրած վերապահ կեցուածքին համար։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յայտնեց Լիբանանի Վարչապետին, որ Լիբանանի մօտեցումը առողջ կեցուածք մըն է, ինչ որ գնահատանքի արժանի եղած է Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան կողմէ։