Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ «ԱՐԱ ԽԱՆՈՅԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ

 

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 6 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, պաշտօնական բացումը կատարեց «Արա Խանոյեան» Ազգային Վարժարանին եւ «Սուրէն Գոճաքեան» սրահին։

 

Հանդիսութեան ներկայ էին երկրին Մշակոյթի, Երիտասարդութեան եւ Գիտութեանց Զարգացման Նախարար Ն.Գ. Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ Նահեան, Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, հոգեւորական եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, զանազան երկիրներու դեսպաններ, ազգային պատասխանատուներ եւ մեծաթիւ ժողովուրդ։

 

Հանդիսութեան սկիզբը, արաբերէն լեզուով բարի գալուստի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը։ Ան, իր խօսքին ընդմէջէն յանուն Թեմի ժողովականութեանց եւ ժողովուրդին, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Թեմին շնորհած օրհնեալ այցելութեան համար, ինչպէս նաեւ ուրախութիւնը յայտնեց Նախարարին՝ հանդիսութեան անձամբ ներկայ գտնուելուն։

 

Ապա, խօսք առաւ Նախարար Ն.Գ. Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ Նահեանը, որ գնահատանքով խօսեցաւ Ա.Մ. Էմիրութեանց մէջ հայ ժողովուրդին ունեցած ներդրումին մասին եւ շնորհաւորեց հայ համայնքը նորակառոյց ազգային վարժարանին կառուցման գծով։

 

Աւարտին, իր Հայրապետական պատգամին ընդմէջէն Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութեամբ յիշեց հանգուցեալ Շէյխ Զայէտ Պըն Սուլթան Ալ Նահեանը, որ 1998-ին խոստումը կատարած էր Եկեղեցւոյ եւ անոր համալիրին համար հող տրամադրելու, Շէյխ Խալիֆա Պըն Զայէտ Ալ Նահեանը, որուն օրով տրամադրուեցաւ հողաշերտը, եւ գահաժառանգ Շէյխ Մուհամմատ Պըն Զայըտ Ալ Նահեանը, հայ համայնքին նկատմամբ իր ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքին համար։ Իր խօսքին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց Արա Խանոյեանը, որուն բարերարութեամբ կառուցուած էր Ապու Տապիի Ազգայն Վարժարանը եւ Սուրէն Գոճաքեանը՝ որ ստանձնած էր վարժարանի սրահին բարերարութիւնը։ Եզրակացնելով իր խօսքը Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Ա.Մ.Է. Թեմը առաւել ծաղկումի գործընթացին մէջ է։ Դուք, ձեր նուիրեալ ծառայութեամբ ու ներդրումով, անցնող քանի մը տարիներուն, կառուցեցիք նոր եկեղեցի ու Ազգային Առաջնորդարան, եւ անսահման ուրախութիւն է մեզի համար, որ սա պահուն բացումը կը կատարենք մեր նոր վարժարանին, որ գաղութի հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն հայեցի դաստիարակութեան կեդրոնը պիտի դառնայ»։ «Այն գաղութը, որ գմբէթ ու հայկական վարժարան ունի, փայլուն ապագայ եւ գոյատեւելու լուսաւոր հորիզոններ ունի» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։