ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՏԻԿԻՆՆԵՐ Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց շուրջ 200 հաւատացեալ տիկիններու խումբ մը։ Նորին Սրբութիւնը Հայրական սիրով ողջունեց տիկինները Մայրավանքէն ներս, ապա յիշեցուց, թէ հայ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, ինչպէս նաեւ՝ մեր ազգին տունը։ Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները մասնակից պէտք է դառնան մեր եկեղեցւոյ կեանքին։
 
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց, թէ ծառայութիւնը հայ եկեղեցւոյ կոչումն է։ Ինչպէս Քրիստոս Ինքը ծառայեց կարիքաւորներուն, այնպէս ալ եկեղեցին այսօր իր կարելին պէտք է կատարէ օգտակար դառնալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Ան նաեւ յիշեց, որ մեր ժողովուրդը ինչպէս պատմութեան ընթացքին, այսօր եւս կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ Հալէպի, Արցախի եւ այլ շրջաններու մէջ։ Սակայն շնորհիւ մեր հաւատքին, իրարու օգնելու մեր նուիրումին ու պատրաստակամութեան մենք պիտի կարենանք յաղթահարել դժուարութիւնները։
 
Ապա, Նորին Սրբութիւնը առիթ տուաւ տիկիններուն, որ խօսին իրենց դժուարութիններուն մասին եւ առաջարկներ ներկայացնեն։ Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի Գարակէօզեան Կեդրոնի տնօրէն՝ Տիար Սերոբ Օհանեան, որուն գլխաւորութեամբ տիկինները կատարած էին այս այցելութիւնը։