Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Շաբաթ 30 Ապրիլ 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Նորվեկիոյ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Պորկի Եպիսկոպոս Ատլէ Սոմըրֆէլտդը։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։ Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հիւրին լայն տեղեկութիւն տուաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան մասին։

 

            Ատլէ Եպիսկոպոս, որ երկար տարիներ Նորվեկիոյ Եկեղեցւոյ Օժանդակութիւններու Յանձնախումբի ատենապետը եղած է, անդրադարձաւ գաղթականութեան հարցին։ Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ Սուրիոյ պատերազմի պատճառով քրիստոնեայ համայնքներուն համար բաւական դժուարին կացութիւն ստեղծուած է։ Քրիստոնեայ գաղթականներ համախմբուած են իրենց եկեղեցիներուն եւ համայնքային ընկերային ծառայութեան կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն շուրջ, որոնք առաւելագոյն չափով կը փորձեն օժանդակել եւ կազմակերպել գաղթականներուն կեանքը։

 

            Հանդիպումի ընթացքին նաեւ խօսուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Միջին Արեւելքէն ներս հայ համայնքներուն, Ղարաբաղի եւ Ապրիլ ամսուան ընթացքին Ազրպէյճանի կատարած նախայարձակումներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան մասին։