1-5 Օգոստոս 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան կազմակերպութեամբ, տեղի կ’ունենայ Համահայկական Կրթական 7-րդ Խորհրդաժողովը, Երեւանի մէջ։
Խորհրդաժողովի ընթացքին կը քննարկուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթական հիմնախնդիրները ու անոնց բարելաւման ծրագիրները՝ ներկայ հրամայականներու եւ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։
Սոյն խորհրդաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնեն Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր Տիար Տիգրան Ճիմպաշեան։
Այս առիթով, Շահան Արքեպիսկոպոս, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իր խօսքը արտասանեց բացման պաշտօնական նիստի ընթացքին։