1 Սեպտեմբերի, 2016

ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԵՍՈՒՉ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական պաշտօնագրով Դպրեվանքի Տեսուչ նշանակեց միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը: Հայր Սուրբը անցնող տարիներուն Լոս Անճելոսի Fuller համալսարանին մԷջ հետեւեցաւ աստուածաբանական ուսման եւ ստացաւ Master of Arts in Theology վկայականը: Անցնող տարեշրջանին Հայր Պօղոս Դպրեվանքէն ներս ծառայեց որպէս փոխ-տեսուչ:

 

         Այս առթիւ յայտնենք, որ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տoնոյեան, որ վերջին երկու տարիներուն կը վարէր Դպրեվանքի Տեսուչի պաշտօնը, Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ յառաջիկայ շաբաթ պիտի մեկնի Անգլիա, ուր պիտի հետեւի խտացեալ դասընթացքի, որմէ ետք ան պիտի լծուի թեմական ծառայութեան:

 

More News