ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2016-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու տարեկան նիստը, գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի։ Ժողովին նաեւ ներկայ էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան։ Երկու Վեհափառ Հայրապետները, որոնք անդամ են այս Յանձնաժողովին ուղարկած էին իրենց ներկայացուցիչները։

 

            Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ժողովի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, որ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը հայրենաշինութեան բոլոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն։ Ժողովականներ լսեցին ներկայացուած զեկոյցները, կատարեցին քննարկումներ եւ իրազեկ դարձան յառաջիկայի ծրագիրներուն։