2 Սեպտեմբերի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԻՊՐԱՀԻՄ ՇԱՄՍ ԷԼ ՏԻՆԸ

 
 
Ուրբաթ, 2 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը նախկին նախարար Իպրահիմ Շամս Էլ Տինի։ Յայտնենք, որ նախարարը Լիբանանի Շիի համայնքի հանգուցեալ համայնքապետ Մուհամմատ Միհտի Շամս Էլ Տինի զաւակն է։
 
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ ընդհանուր վերարժեւորում մը կատարուի ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորապէս Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու քաղաքական հորիզոնին վրայ յայտնուող նոր զարգացումներուն շուրջ։ Նաեւ անդրադարձ եղաւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Ամմանի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին, որուն գլխաւոր պատգամախօսը պիտի ըլլայ Վեհափառ Հայրապետը։
 

More News