Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, հանդիսապետելու իր կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 20-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեանց, Լոս Անճելոսի, Մոնթրէալի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը անցեալ տարի բոլորեց հայրապետական ծառայութեան 20-ամեակը, սակայն իր իսկ փափաքով անցնող տարուան ընթացքին այս ուղղութեամբ ո՛չ մէկ ձեռնարկ կատարուեցաւ՝ նկատի ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը։
Նորին Սրբութեան կ’ընկերանան Միջ-եկեղեցական եւ Լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ Գաւազանակիր, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան, Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան եւ Տեարք Յակոբ Եափուճեան, Խաժակ Տիքիճեան ու Վահէ Եագուպեան։
Հայոց Հայրապետին Հիւսիսային Ամերիկայի գաղութներու այս այցը վստահաբար վերանորոգութեան եւ ներշնչումի առիթ մը պիտի հանդիսանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս երիտասարդ սերունդին։ 20-ամեակի տօնակատարութեանց կողքին, Վեհափառ Հայրապետի ծրագրին մէջ նաեւ նախատեսուած են երիտասարդութեան հետ զրոյց-հանդիպումներ, միջ-եկեղեցական տեսակցութիւններ, համայնքային կեդրոններու այցելութիւններ եւ եկեղեցական արարողութիւններ։
Ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին գծով խորհրդակցական հանդիպումներ պիտի ունենայ Ուաշինկթընի, Մոնթրէալի եւ Ժընեւի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանք պիտի վերադառնայ 22 Հոկտեմբեր 2016-ին։