6 Հոկտեմբերի, 2016

«Մեր ինքնութիւնը խաթարող վտանգներուն դիմաց մենք պիտի մնանք կառչած մեր գոյութեան երեք ամրոցներուն՝ եկեղեցի, ընտանիք եւ դպրոց»   Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը սկսաւ հովուապետական այցելութիւնը Մոնթրէալի մէջ, 5 Հոկտեմբեր 2016-ին։ Երեկոյեան, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի, ուր Հայոց Հայրապետը կատարեց Կանոնական աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը, Թեմի եկեղեցիներու հոգաբարձութեան եւ գաղութէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հոծ բազմութիւն։

 

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան բարի գալուստ մաղթեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութեան համար եւ յանուն ժողովականութեան ու ժողովուրդին շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20-ամեակը։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը, նախ գնահատեց նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը եւ բեղուն գործունէութիւն մաղթեց իրեն։ Ապա, անդրադարձաւ տունը ժայռի վրայ շինելու աւետարանական պատուէրին (Մտ 7:24-25)։ Նորին Սրբութիւնը կո՛չ ուղղեց մեր եկեղեցին, ընտանիքը եւ դպրոցը շինելու ժայռի վրայ։ «Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, սովորական երեւոյթ մը չէ հայ եկեղեցւոյ կողքին հայ դպրոց ունենալու իրողութիւնը։ Այս գոյակցութիւնը պատահական երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ եկեղեցի ու դպրոց իրենց առաքելութեան մէջ զիրար կը լրացնեն, կը հարստացնեն, կը հզօրացնեն ու կ’ամբողջացնեն։ Եւ թէ՛ եկեղեցւոյ, թէ՛ դպրոցին սիւնը՝ մեր գոյութեան սիւնը, հայ ընտանիքն է։ Մենք այս երեք տուները պիտի շինենք ու պահենք զօրեղ ժայռի վրայ։ Այսօր, մենք կոչուած ենք ժայռի վրայ շինուած այս երեք տուներուն կառչած մնալ եւ մեր կեանքը կազմակերպել անոնց շուրջ» պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։

 

Եկեղեցական արարողութեան ու հայրապետական պատգամի աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը, մինչ դպրաց դասերը եւ Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ «Նոր ծաղիկ» երգչախումբը հրամցուցին հոգեւոր ու ազգային երգերու փունջ մը։

 

Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ու Մոնթրէալի գաղութէն ներս գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեց Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան մանկամսուռ, Սուրբ Յակոբ վարժարանի մանկապարտէզ, Սարաֆեան նախակրթարան եւ Բասդրմաճեան երկրորդական վարժարան, ուր ողջունեց աշակերտները եւ յորդորեց, հայերէն խօսիլ, հայօրէն ապրիլ եւ հայաբար զգալ։ «Հայ դպրոցը պարզ շէնք չէ։ Հայ դպրոցը ոգի է՝ մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց է։ Մենք ա՛յս ոգիով կը սնանինք եւ կը շաղախուինք հայ դպրոցէն ներս, որպէսզի հայաբար ապրինք» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց հայ ծնողները, ուսուցիչները, բարերարները եւ պատասխանատուները, որոնց հսկայական զոհողութեամբ կը պահուի հայ դպրոցը։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Լաւալի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն նուիրուած յուշարձանը, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց եւ «Պսակիչ սրբոց» աղօթքը կատարեց։

More News