ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ
Ամրան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը շաբաթական դրութեամբ հանդիպումներ կ’ունենայ, որոնց ընթացքին քննարկումներ կը կատարէ եկեղեցական, ինչպէս նաեւ հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող զանազան նիւթերու շուրջ։ Սոյն հանդիպումներուն կը նախագահէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Իւրաքանչիւր հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութեան թելադրութեամբ միաբան հայրեր մէկ կամ երկու նիւթի շուրջ զեկոյցներ կը պատրաստեն։ Տրուած…