Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Ե.Խ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

 
 
 
17 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխը, որ եկած էր տեղեակ պահելու Խորհուրդի ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին եւ ունենալու Նորին Սրբութեան կարծիքը շարք մը հարցերու գծով։
 
Խորհուրդի ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ 5-8 Սեպտեմբեր 2016-ին Ամմանի մէջ, Յորդանան։ Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Խորհուրդի նախագահներէն մին է եւ մօտէն կը հետեւի Խորհուրդի աշխատանքներուն։
 
Հայր Ժալըխ նաեւ անդրադարձաւ Խորհուրդին կատարած մարդասիրական գործունէութեան Սուրիայէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ խօսեցաւ Սուրիոյ մեր համայնքի կարիքներուն մասին։