Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով, Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուեցաւ Սպահանի պատմական Թեմին։ Հայր Սիփան արդէն մեկնած է հոգեւոր ծառայութեան նոր դաշտը եւ լծուած իր առաքելութեան։
Սիփան Ծ. Վարդապետ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ստանցնած է զանազան պաշտօններ։ Հայր Սուրբը նաեւ ծառայած է Գանատայի Թեմէն ներս իբր Սէնթ Գէթրինզ քաղաքի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Սուրիոյ Թեմէն ներս՝ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ։