24 September, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.-Ի ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 

Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Վարչութեան Ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի։

 

            Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հետ առնչութիւն ունեցող զանազան հարցեր։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հայկական կուսակցութիւններու ներդումին կարեւորութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ Սփիւռքի գաղութներէն ներս։ Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան հզօրացման եւ նոր արեւելում տալու անհրաժեշտութեան մասին։

 

Նոյն օրը, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդունեց Համազգային Հայ Կրթական Մշակութային Միութեան նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Համազգայինի տարած կրթական եւ մշակութային աշխատանքին մեր գաղութներու կեանքէն ներս ընդհանրապէս եւ Լիբանանի մէջ մասնաւորապէս։ Ան շեշտեց հայ մշակութային արժէքներու տարածման ու առաւել հարստացման կարեւորութիւնը եւ գնահատեց Համազգայինի հայ դպրոցին ցուցաբերած զօրակցութիւնը։

 

More News