Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.-Ի ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Վարչութեան Ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի։ Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հետ առնչութիւն ունեցող զանազան հարցեր։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հայկական կուսակցութիւններու ներդումին կարեւորութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանէն եւ…