«ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Նոր Հրատարակութիւն

 

Ուրախութիւնը ունինք յայտնելու մեր սիրելի ընթերցողներուն, թէ Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքը հրատարակեց իր «Եկեղեցի Եւ Ժողովուրդ» Մատենաշարին 3-րդ գրքոյկը, որ կը կրէ` «Ճշմարիտ Ապաշխարութիւնը» խորագիրը:

 

Աստուածաշունչէն եւ սուրբ հայրերէն վկայակոչութիւններ կատարելով, սոյն գրքոյկին ճամբով պարզած ենք ապաշխարութեան ճշմարիտ իմացումը:

Մեր սրտի փափաքն է, որ ամէն հայ անհատ իր ձեռքին մէջ ունենայ սոյն գրքոյկէն, եւ իր հաւատքի կեանքը քննէ եւ ուղղէ հոն բացայայտուած ճշմարտութիւններուն լոյսին ներքեւ: