Քաջալերական այս խօսքերով արտայայտուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի մէջ հաւաքուած հարիւրէ աւելի կիներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին՝ ամէն Երեքշաբթի, մասնակից դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Հայ Կանանց Հոգեւոր Լսարանին։ Բաժանմունքի այս ծրագրին տարեշրջանի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 14 Յունիս 2016-ի առաւօտուն, Վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։
Իր Հայրական պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը գնահատելէ ետք Բաժանմուքի պատասխանատու միաբան հայրերուն տարած աշխատանքը, անդրադարձաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութեան ու անոր խիստ անհրաժեշտութեան ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը նկատել տուաւ, թէ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու պահպանման համար քրիստոնէական դաստիարակութիւնը նորանոր ձեւերով ու կերպերով պէտք է փոխանցուի մեր ժողովուրդին՝ մանուկներէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն տարեցը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը շարք մը գործնական երեւոյթներու անդրադարձաւ եւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը.-
Ա) Եկեղեցին Աստուծոյ տունը համարելու գիտակցութեամբ ճիշդ ժամուն ներկայ գտնուիլ արարողութեանց։
Բ) Աստուծոյ տունը պատշաճ զգեստներով մտնել ու ճիշդ ձեւով խաչակնքել։
Գ) Եկեղեցւոյ մէջ բջիջային հեռաձայնները չգործածել, ինչպէս նաեւ արարողութեանց ընթացքին իրարու հետ չզրուցել։
Դ) Եկեղեցի յաճախել Քրիստոսի մարմնին եւ արեան հետ հաղորդակից դառնալու՝ հաղորդուելու միտումով ու պատրաստակամութեամբ։
Ե) Եկեղեցական արարողութիւններուն ու յատկապէս Ս. եւ Անմահ Պատարագին մասնակցիլ երգեցողութեամբ ու պատարագամատոյցին հետեւելով։
Իր խօսքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը յորդորեց տիկինները, որ տէր կանգնին իրենց երիտասարդ զաւակներուն, հսկեն անոնց քայլերուն, որպէսզի մոլութիւններու հետեւելով չկորսուին, այլ Աստուծոյ ճամբուն մէջ շարունակեն իրենց կեանքը։