Երկուշաբթի, 30 Մայիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին։
Վեհափառ Հայրապետն ու Դեսպանը խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկեցին ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Ղարաբաղի այժմու կացութեան եւ Լիբանանի ու Հայաստանի տնտեսական գործակցութեան առնչուած խնդիրներ ու աշխատանքներ։
Դեսպան Մկրտչեան այս առիթով այցելեց հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանը եւ մօտէն ծանօթացաւ Ս. Աստուածածին Վանքի զանազան բաժանմունքներուն։